2012-02-07 12:39:28

Հայ Զինուոր Մը Զոհ` Անորոշ Պայմաններու Մէջ ......


Լեռնային Ղարաբաղի բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, 5 փետրուարին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին հարաւարեւելեան պաշտպանական ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն մէկուն մէջ հրազէնային մահացու վէրք ստացած է բանակի ժամկէտային զինուոր, 1992-ին ծնած Մարատ Դիմակսեանը: Վիրաւորը մահացած է զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուելու ճամբուն վրայ:

Բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ միջադէպին մանրամասնութիւնները ճշդելու համար քննութիւն կը կատարուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.